image

Ծանր ոճիր Պէյրութի մէջ. Զոհը հայուհի է (Լուսանկար)

Ծանր ոճիր Պէյրութի մէջ. Զոհը  հայուհի է (Լուսանկար)

Պէյրութի մէջ ծանր ոճիր մը գրանցուած է, որուն զոհ գացած է հայուհի մը: Այս մասին  տեղեկութիւնը կը հաղորդէ «Էլ Նաշրա» կայքը։

Աղբիւրը կը նշէ, որ երիտասարդ մը կրակ  բացած է Սատ Ալ Պաուշրիյէ շրջանին մէջ գտնուող վաճառատան  աշխատկցողուհիի մը ուղղութեամբ ու տեղն ու տեղը  սպաննած է զինք։

Կը նշուի նաեւ, որ դէպքէն ետք երիտասարդը կրակ բացած է իր գլխուն ուղղութեամբ եւ անձնասպան եղած։

«Արեւելք»ի Պէյրութի աղբիւրին համաձայն հայուհիին անուան սկզբնատառերն են ՝ Մ.Հ։

Աւելի ուշ լուրը տարածուած է ընկերային ցանցերու վրայ։

Իրաւապահ մարմիններ քննութիւն բացած են դէպքին վերաբերեալ, այլ տուեալներ  չեն  հաղորդուիր։

 

Արեւելք Լրատուական-ի լուսանկարը:

 

Լուսանկարը՝ «Պընթժպէյլ»   կայքէն