Աւանի Չարենցի թաղամասի թիւ 9 շէնքի վերելակին մէջ տղամարդու դի գտնուած է: Այս մասին 23 օգոստոս, ժամը 22:30-ին շտապօգնութեան ենթակայանէն հաղորդում ստացած է ոստիկանութեան Նոր Նորքի բաժինը:
Ոստիկանութեան կայքի տեղեկացմամբ, ժամը 22:40-ին ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան կառավարման կեդրոնէն հաղորդում ստացած է, որ նշուած շէնքի կողքը գտնուող կառատունը կ'այրի, եւ այնտեղ տղամարդ մը կայ՝ ձեռքին դանակ, հնարաւոր է, որ ան այրած ըլլայ կառատունը:
Դէպքի վայր հասած խումբը պարզած է, որ շէնքի բակին մէջ, կառատունը հրդեհելու շուրջ ծագած վիճաբանութեան ժամանակ, 1943-ի ծնունդ Էտմոնտ Ս.-ն դանակով հարուածած է 1976-ի ծնունդ Ալեքսանդր Պերկելիովի մարմնի տարբեր մասերը, ինչի հետեւանքով վերջինս ստացած վէրքերէն շէնքի վերելակին մէջ մահացած է: Էտմոնտ Ս.-ն նշուած վայրէն ձերբակալուած է: Կը կատարուի նախաքննութիւն: