Սահմանադրական դատարան ներկայացուած փաստարկներուն մէջ չկան ընտրութիւններու արդիւնքներն անվաւեր ճանչնալու հիմքեր, իսկ արձանագրուած խախտումներով պէտք է զբաղին իրաւապահ մարմինները. յունիս 30-ին յայտարարած է Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեանը լրագրողներու հետ զրոյցին։
«Անվաւերութեան յանգեցնող հիմքեր առհասարակ որեւէ մէկի կողմից ներկայացուած փաստարկներում առկայ չեն»,-ըսած է նախարարը։
ՍԴ-ն յունիս 26-էն բանաւոր ընթացակարգով կը քննէ ԱԺ ընտրութիւններու արդիւնքները բողոքարկող եօթ քաղաքական ուժերու դիմումները:
Նախարարի խօսքով՝ գործադիրը համաձայն է «Յանուն Հանրապետութեան» եւ «Դեմոկրատիա, օրէնք, կարգապահութիւն» կուսակցութիւններու այն պնդումներուն, որ ընտրակաշառքի դէպքեր եղած են եւ ատոնց ծաւալները մեծ են, սակայն ատոնք իրաւական հիմք չեն քուէարկութեան արդիւնքներն անվաւեր ճանչնալու համար, իսկ իւրաքանչիւր գործով մեղաւոր անձ պէտք է ենթարկուի քրէական խիստ պատասխանատւութեան։
Գալեանը նշած է, որ արդարադատութեան նախարարութիւնը գործընթացին մէջ հանդէս կու գայ որպէս երրորդ կողմ եւ արդէն ներկայացուցած է իր դիրքորոշումը, սակայն վերջնական եզրակացութիւնը պիտի կայացնէ բացառապէս դատարանը։
Ի պատասխան այն հարցին, թէ որքանով իրաւաչափ է իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կողմէ Ազգային ժողովի եւ կառավարութեան ձեւաւորումը, երբ արդիւնքները դեռ կը վիճարկուին դատարանէն ներս, Գալեանը շեշտած է, որ քանի դեռ արդիւնքներն անվաւեր չեն ճանչցուած, ատոնք օրինական ուժի մէջ են։ Ան իշխող ուժի մէջ ընթացող պաշտօններու ընտրութեան գործընթացը որակած է ժողովրդավարական եւ բնականոն երեւոյթ՝ աւելցնելով, որ այլ քաղաքական ուժեր եւս կը քննարկեն մանտաթները վերցնելու կամ չվերցնելու հարցը։
«Քաղաքացիական պայմանագիր»-ն այս ընթացքին փակ գաղտնի քուէարկութեամբ եւ քննարկումներու արդիւնքով ընտրած է ԱԺ նախագահի եւ փոխնախագահի թեկնածուները։