image

Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան 50-ամեակի տօնակատարութեան մեկնարկ

Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան 50-ամեակի տօնակատարութեան մեկնարկ

ԹԱՐԶԱՆԱ, Քալիֆորնիա․- Յունիս 4ին, Հայ մշակութային հիմնարկութիւնը ի մի բերաւ 80է աւելի արհեստավարժներ, համակիրներ, ձեռնարկատէրեր եւ աջակցողներ՝ Keosian Law LLP հիմնարկի գործընկերներ՝ Յարութ եւ Քրիսթին Քէօսեաններու բնակարանին մէջ տեղի ունեցած հիւրասիրութեան մը ընթացքին։

Այս մտերմիկ ընթրիքը առաջին քայլն էր այն միջոցառումներու շարքին, որոնք հիմնարկութիւնը պիտի իրականացնէ յառաջիկայ վեց ամիսներուն ընթացքին՝ նախապատրաստուելով Դեկտեմբերին կայանալիք 50ամեակի տօնակատարութեան, որուն ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի առնուին հիմնարկութեան կողմէ համայնքին մատուցուած 50 տարիներու սպասարկութիւնները եւ իրագործումները, միաժամանակ ուրուագծելով անոր ապագան։

Երեկոյի հանդիսավարն էր Մելքոն Մելքոնեանը՝ հիմնարկութեան 50ամեակի յանձնախումբին համաատենապետը, որ համայնքին համար յոյժ կարեւոր համարեց Հայ կեդրոնները, յիշեցնելով, որ հիմնարկութիւնը վերջին հինգ տասնամեակներուն հաստատած է 18 համայնքային կեդրոններ, միաժամանակ նիւթապէս նեցուկ կանգնելով Արեւմտեան Ամերիկայի հայկական  դպրոցներուն, եկեղեցիներուն եւ կազմակերպութիւններուն (ՀՄԸՄ, ՀԵԴ, Հայ Դատի յանձնախումբ, Համազգային եւ ՀՕՄ)։

Հիմնարկութեան երկար տարիներու  անդամ՝ իրաւաբան Սթիւ Տէտէյեան ներկայացուց հիմնարկութեան  պատմութիւնը՝ սկսելով 1940ականներուն Լոս Անճելըսի Հայ կեդրոնի եւ աւելի ուշ՝ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային դպրոցի հիմնումէն, հասնելով մինչեւ 1975, երբ հիմնարկութիւնը  ստեղծուեցաւ ՀՅԴի եւ ՀՕՄի անմիջական աջակցութեամբ։ Ան հիմնարկութիւնը նկատեց համայնքին «սերմերու շտեմարանը եւ այն պալատը, ուր կը պահպանենք մեր ինքնութիւնը եւ կը կրթենք մեր երիտասարդութիւնը, որ պարտաճանաչ մնայ մեր ազգին հանդէպ», եզրակացնելով․ «Մենք կեցած ենք մեր նախնիներուն հաստատած հիմերուն վրայ, բայց չենք կրնար յառաջանալ առանց ձեզի նման հայրենասէրներու»։

Ապա, 50ամեակի յանձնախումբին համաատենապետ՝ իրաւաբան Վաչէ Թոմասեան յայտնեց, թէ աւանդական սփիւռքի մը եւ ներգաղթածներու համայնքի մը միջեւ երկու հիմնական տարբերութիւն կայ, նշելով, «Սփիւռքը սիրտով կապուած է հայրենիքին եւ սփիւռքը կազմակերպուած է»։ Թոմասեան աւելցուց․ «50 տարի շարունակ, տեսլականներով մարդիկ կառուցեցին կեդրոններ եւ հաստատութիւններ՝ առանց շահի եւ գովասանքի, միայն ապագային ծառայելու մղումով։ Հայ մշակութային հիմնարկութիւնը Սփիւռքի մղիչ ուժն է, իսկ դուք՝ ուժանիւթը»։

Հիմնարկութեան գործունէութիւնը կը շարունակուի եւ միայն ամիսներ առաջ անիկա բացումը կատարեց Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեաններու անուան կեդրոնին, Էնսինոյի մէջ, շնորհիւ այս նպատակով դաշնակցային կառավարութենէն ապահովուած 1 միլիոն տոլարի աջակցութեան եւ համայնքային ներդրումներուն։ Կեդրոնն արդէն իսկ ծառայած է իբրեւ գաւառային ընտրութեանց կեդրոն եւ հոն իրականացած են երիտասարդական եւ պատանեկան ծրագիրներ, առողջապահութեան նուիրուած համայնքային հաւաք մը եւ արուեստի ցուցահանդէսներ։

Հիմնարկութեան ատենապետ Յարութ Քէօսեան, որ հաւաքին հիւրընկալն էր, երեկոն ամփոփեց մատնանշելով ձեռնարկին յաջողութիւնը եւ ըսելով․ «Կը յուսամ, որ այս հաւաքը մեկնարկը կ՛ըլլայ յառաջիկայի յաջող վեց ամիսներուն, ուր մենք ոչ միայն դրամահաւաք կը կատարենք, այլ համայնքին լաւապէս կը տեղեկացնենք մեր աշխատանքը։ Այն ատեն, աջակցութիւնը բնականաբար պիտի տրամադրուի»։

Ընդունելութեան ընթացքին հանգանակուեցաւ աւելի քան 150,000 տոլար։

Հիւրերը նաեւ վայելեցին ընթրիք՝ աստղերու տակ, Element Band-ի երաժշտութեամբ։