ԱՄՆ նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիվըն Ուիթքոֆ եւ ԱՄՆ նախագահի փեսայ՝ Ճարետ Քուշներ, այսօր Տոհայի մէջ պիտի հանդիպին Քաթարի վարչապետ Շէյխ Մոհամմետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանիի հետ եւ անոր հետ քննարկեն Իրանի միջուկային ծրագիրի շուրջ հաւանական համաձայնագիրի մանրամասնութիւնները։ Այս մասին յայտնած է Axios լրատուական կայքի թղթակից Պարաք Ռաւիտը՝ վկայակոչելով Սպիտակ տան աղբիւրները։
ԱՄՆ-ի եւ Քաթարի միջեւ բանակցութիւնները տեղի պիտի ունենան Տոհայի մէջ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի ներկայացուցիչներու միջեւ յայտարարուած խորհրդակցութիւններու շրջածիրէն ներս։ Ուիթքոֆն ու Քուշները նաեւ հանդիպումներ նախատեսած են Քաթարի ղեկավարութեան այլ ներկայացուցիչներու հետ։ Չորեքշաբթի օր ԱՄՆ-ի եւ Իրանի պատուիրակութիւնները առանձին բանակցութիւններ պիտի վարեն Քաթարի եւ Փաքիստանի միջնորդներու հետ։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Էսմայիլ Պաղայի յայտարարած էր, որ իրանական պատուիրակութիւնը մօտ ապագային պիտի մեկնի Քաթար՝ իրանա-ամերիկեան յուշագիրի գործադրութեան վերաբերեալ խորհրդակցութիւններու համար, սակայն ԱՄՆ ներկայացուցիչներուն հետ որեւէ հանդիպում կամ բանակցութիւն նախատեսուած չէ։