image

Ծանր հարուած «Հըզպալլա»ին. Կազմակերպութեան 7 զինեալներ զոհուած են

Ծանր հարուած «Հըզպալլա»ին. Կազմակերպութեան 7 զինեալներ զոհուած  են

Ծանր հարուած ստացած է լիբանանեան «Հըզպալլա»ն: կազմակերպութեան 7 զինեալներ զոհուած են Հոմսի մէջ: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ կը յայտնեն, որ  զինեալները  թիրախ   դարձած են  անօդաչու սարքի մը  հարուածին:  Դէպքը տեղի ունեցած է   Սուրիոյ  Հոմս  քաղաքին մէջ, ուր «Հըզպալլա» կը պատերազմի «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ:

 

Դէպքին վերաբերեալ տրուած են հակասական տեղեկութիւններ: Մինչ «Ռօյթըրզ» կը հաղորդէ, որ «Հըզպալլա»ի զինեալները զոհ  գացած են ռուսական կրակներու, անդին կարգ մը աղբիւրներու համաձայն «Հըզպալլա»ի Հոմսի դիրքը թիրախ դարձած են ամերիկեան օդուժին:

 

Յիշեցնենք, որ յատկապէս վերջին 3 տարիներուն Սուրիոյ մէջ պատերզամող «Հըզպալլա»ն  տուած է հարիւրաւոր զոհեր: