ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Տիգրան Ուլիխանեանը առաջիկայ օրերուն վար պիտի դնէ մանտաթը։ Այս մասին Ուլիխանեանն ըսած է NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ։
Ան պիտի նշանակուի Պետական վերահսկողական ծառայութեան պետի տեղակալ, ինչպէս նաեւ պետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար։
«Մտադրութիւն կայ ինծի նշանակել ծառայութեան ղեկավարարի ԺՊ, ես յաւակներ եմ այդ պաշտօնին, վարչապետը հաւանութիւն տուած է»,– ըսած է ան։
2018 թուականի մայիսէն մինչեւ 2019 թուականի յունուար՝ Ուլիխանեանը զբաղցուցած է ՀՀ պետական վերահսկողական ծառայութեան պետի տեղակալի պաշտօնը։
Նշենք, որ 19 ապրիլին Դաւիթ Սանասարեանի լիազօրութիւնները կասեցնելէ ետք Պետական վերահսկողական ծառայութիւնը փաստօրէն ղեկավար չունի։