image

Թուրքիոյ մէջ պաշտօնապէս կը պարզուի Քիւրտիստանի դրօշակը

Թուրքիոյ մէջ պաշտօնապէս կը պարզուի Քիւրտիստանի դրօշակը

Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամ ըլլալով, 27 փետրուաrին պարզուած է Քիւրտիստանի դրօշակը։ Այս մէկը հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար շրջանի դրօշակն է, որ թէ՛ Պոլսոյ, եւ թէ Անգարայի օդակայաններուն մէջ պարզուած է՝ այդ շրջանի ղեկավար Մասուտ Պարզանիի Թուրքիա այցելութեան առիթով։

Պարզանի Անգարայի մէջ տեսակցութիւններ ունեցած է նախագահ Էրտողանի եւ վարչապետ Եըլտըրըմի հետ, քննելով ապահովական եւ տնտեսական հարցեր։

Քիւրտիստանի դրօշակի մը պարզումը զարմանք ու վերապահութիւն ստեղծած է ազգայնամոլ շրջանակներու մօտ, որոնք ցարդ «քուրջի կտոր» կ՛անուանէին քիւրտերու կամ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դրօշակները։

Արդէն իսկ բողոքներ կատարուած են այդ դրօշակներուն դէմ։ «Սէօզճիւ» թերթը կը գրէ, որ հսկողութեան տակ առնուած են ազգայնամոլ կուսակցութեան մը կարգ մը անդամները, որոնք բողոքի ցոյց կատարած էին քրտական դրօշակին դէմ։

Կարգ մը քաղաքական մեկնաբաններ շեշտած են, թէ այս քայլը՝ հանրաքուէին նախօրեակին, քիւրտերը սիրաշահելու քայլ մըն է, որպէսզի անոնք «այո՛» քուէարկեն նախագահական դրութեան համար կայանալիք հանրաքուէին ընթացքին։

Դրօշակի պարզումին գծով լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ փոխվարչապետ Նուման Գուրթուլմուշ ըսած է, որ սխալ է պնդել, թէ այդ դրօշակը կը կախուի առաջին անգամ, այլ Պարզանիի նախորդ այցելութեան ընթացքին եւս եղած են թէ՛ Քրտական ինքնավար մարզի, թէ՛ Իրաքի, եւ թէ Թուրքիոյ դրօշակները։

Միւս կողմէ, քրտական «Ռատուա» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ իր այցելութեան ընթացքին, Պարզանի կոչ ըրած է Անգարայի իշխանութեանց, որ ազատ արձակեն բանտարկուած քիւրտ քաղաքական գործիչները։