«Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման՝ Թուրքիոյ մէջ գործող անդամները Անգարայի տարբեր թաղամասերն մէջ ահաբեկիչներ պատրաստող դպրոցներ կը հիմնեն եւ այնտեղ պատրաստութիւն անցնող անչափահասներուն վկայականներ կը բաժանեն: Այս մասին բացայայտած է կը Անգարայի հանրապետական դատախազութիւնը՝ կազմակերպութեան Անգարայի ճիւղի պատասխանատուն համարուող Ահմէտ Տողանի եւ այլ 20 անդամի նկատմամբ դատավարութեան ընթացքին:
Պարզուած է, որ Տահէշ նման դպրոցներ հիմնած է Անգարայի Սիճան, Ալթընտաղ, Էթիմէսկութ եւ Չուկութ շրջաններուն մէջ:
Նշենք, որ շաբաթներ առաջ բացայայտուած Պոլսոյ Սուլթանպէյլի թաղամասին մէջ գործունէութիւն ծաւալած դպրոցէն ներս իսլամականները թուրք երեխաներուն կառոյցի գաղափարախօսութիւնը կ'ուսուցանէին: Երեխաներուն քարոզած են մերժել Աթաթուրքի սկզբունքները, չծառայել բանակին ու չենթարկուիլ դատարաններու որոշումներուն: