image

Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է ընդդիմադիր «Cumhuriyet» թերթի գլխաւոր խմբագիրը

Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է ընդդիմադիր «Cumhuriyet» թերթի գլխաւոր խմբագիրը

12 Մայիսի առաւօտեան Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է ընդդիմադիր «Cumhuriyet» թերթի գլխաւոր խմբագիր Օղուզ Կիւէնը: Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսնող հայկական «Ակօս» թերթի կայքի տեղեկացմամբ՝ այս մասին յայտնի դարձած է Կիւէնի կողմէ «Twitter»-ի վրայ կատարուած գրառումէն: Ձերբակալութեան պատճառը դեռ յայտնի չէ:

Թուրքիոէ մէջ լրագրողներու միութեան (TGC) նախագահ Թուրկայ Օլկայտոն եւ գլխաւոր քարտուղար Սիպէլ Կիւնէշը «Cumhuriyet»-ի կայքին յայտարարութիւն տարածած են, ուր դատապարտած են ընդդիմադիր թերթի նկատմամբ կիրառուող ճնշումները: 

Ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան (CHP) պատգամաւոր Պարըշ Եարքատաշ տեղեկացուցած է, որ խնդրի ուսումնասիրման նպատակով յառաջիկային հանդիպում պիտի ունենայ Պոլսոյ անվտանգութեան վարչութեան հետ:

«Cumhuriyet» թերթի 12 թղթակիցներ ու ղեկավարներ արդէն 6.5 ամիս, իսկ Ահմէտ Շըք՝ 4 ամիս է ի վեր կը գտնուին անազատութեան մէջ: