image

Թուրքիոյ կառավարութեան մէջ վեց նախարարներու փոփոխութիւն

Թուրքիոյ    կառավարութեան   մէջ   վեց նախարարներու փոփոխութիւն

Թուրքիոյ    նախագահ    Ռեջեպ   Թայեպ  Էրտողան  իշխող  «Արդարութիւն  եւ  զարգացում»   կուսակցութեան ղեկավարութիւնը  ստանձնելէ  յետոյ  իրականացուցած  է  խոստացած քատրային փոփոխութիւններու առաջին փուլը:

 

 «Ճումհուրիէթ» կը նշէ, որ Էրտողանի ու վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի միջեւ 2 ժամ տեւած քննարկումէ ետք որոշած են փոխել  վեց նախարար:

    Պաշտպանութեան նոր նախարար  նշանակուած է  Նուրետտին Ճանիկլին,արդարադատութեան նախարար՝  Ապտիւլ Համիտ Կիւլը, երիտասարդութեան եւ մարզանքի՝  Օսման Աշքըն Բաքը,  մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան՝ Նուման Քուրթուլմուշ , առողջապահութեան՝  Ահմէտ Տեմիրջանը, գիւղատնտեսութեան եւ անասնապահութեան՝  Ահմէտ Էշրէֆ Ֆաքըպապան:

 

Պաշտպանութեան  նախկին նախարար Ֆիքրի Ըշըքը ստանձնած է  փոխվարչապետի պաշտճնը, իր հետ  միասին  փոխվարչապետի  պաշտօն ստանձնած են  Ռեճէպ Աքտաղը, Հաքան Չաւուշօղլուն, Պեքիր Պոզտաղը եւ Մեհմետ Շիմշեքը: