Թուրքիոյ նախագահ Ռեջեպ Թայեպ Էրտողան իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան ղեկավարութիւնը ստանձնելէ յետոյ իրականացուցած է խոստացած քատրային փոփոխութիւններու առաջին փուլը:
«Ճումհուրիէթ» կը նշէ, որ Էրտողանի ու վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի միջեւ 2 ժամ տեւած քննարկումէ ետք որոշած են փոխել վեց նախարար:
Պաշտպանութեան նոր նախարար նշանակուած է Նուրետտին Ճանիկլին,արդարադատութեան նախարար՝ Ապտիւլ Համիտ Կիւլը, երիտասարդութեան եւ մարզանքի՝ Օսման Աշքըն Բաքը, մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան՝ Նուման Քուրթուլմուշ , առողջապահութեան՝ Ահմէտ Տեմիրջանը, գիւղատնտեսութեան եւ անասնապահութեան՝ Ահմէտ Էշրէֆ Ֆաքըպապան:
Պաշտպանութեան նախկին նախարար Ֆիքրի Ըշըքը ստանձնած է փոխվարչապետի պաշտճնը, իր հետ միասին փոխվարչապետի պաշտօն ստանձնած են Ռեճէպ Աքտաղը, Հաքան Չաւուշօղլուն, Պեքիր Պոզտաղը եւ Մեհմետ Շիմշեքը: