image

Թուրքիոյ Եւ Ատրպէյճանի Կաշառակեր Գործակցութիւնը Ղարաբաղի Վերաբերեալ՝ ԵԽԽՎ-ի Օրինագծերով

Թուրքիոյ Եւ Ատրպէյճանի Կաշառակեր Գործակցութիւնը Ղարաբաղի Վերաբերեալ՝ ԵԽԽՎ-ի Օրինագծերով

Յունուար 26-ին Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մեկնարկելիք ձմեռային նստաշրջանին քուէարկութեան պիտի նախապատրաստուի ղարաբաղեան հիմնախնդրի վերաբերեալ երկու առանձին օրինագիծ, այս մասին գրած է Թրքական ընդդիմադիր լրատուամիջոցներէն «Demokrathaber.net» կայքը իր հրապարակած՝ «ԵԽԽՎ-ի քուլիսներուն մէջ կաշառքի մասին խօսակցութիւններ դարձած են՝ կապուած Ղարաբաղի հարցով օրինագծի հետ» յօդուածին մէջ:

Կայքը նշած է նաեւ, որ իրավիճակը գնահատող միջազգային անկախ փորձագէտները ուշադրութեան հրաւիրած են այն հանգամանքը, որ օրինագիծը օրակարգ մտցուցած Մեծ Պրիթանիոյ Պահպանողական կուսակցութեան պատգամաւոր Ռոպերթ Վոլթերը եւ ԵԽՎՎ-ի ձմեռային նստաշրջանը նախագահող սպանացի խորհրդարանական Փետրօ Ակրամունթը կը քննադատուին կողմնապահութեան համար, յայտնելով, որ պրիթանացի պատգամաւորը նախապատրաստած է միայն Պաքուի իշխանութիւններու տեսակէտին տուրք տուող օրինագիծ:

Միւս կողմէ կը նշուի, որ «պատահականութիւն չէր կրնար ըլլալ» Անգարայի կողմէ նոյն այդ պատգամաւորին անցեալ տարուայ Մայիսին Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն շնորհելը: Այս երկու նշեալ հանգամանքները կը պարզեն վերոնշեալ օրինագիծի գաղտնի համաձայնութեան արդիւնք ըլլալը: «Demokrathaber»ը կը նշէ նաեւ, որ մինչ հաշուած օրեր մնացած են նստաշրջանի մեկնարկին, Սթրասպուրկի քուլիսներուն ետեւ լուրեր կը տարածուին, թէ Վոլթերը յառաջիկային պիտի ստանձնէ խորհրդականի պաշտօն՝ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն ներս:

Կը նշուի նաեւ, որ Փետրօ Ակրամունթը Ատրպէյճանի քաղբանտարկեալներու մասին իր զեկոյցներուն մէջ մշտապէս խուսափած է Պաքուի իշխանութիւններու եւ Ալիեւի ռէժիմին հակադրուող գնահատականներ տալէ, ինչի պատճառով ալ արժանացած է միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու քննադատութեան, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի մէջ գործող ռէժիմի հետ ունեցած իր մտերմութեան պատճառով բազմիցս յայտնուած է քննադատութիւններու թիրախ:

 

Նիւթի աղբիւր՝ ErmeniHaber