Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Փաքիստան մեկնելէ առաջ, Պոլսոյ Աթաթուրքի օդակայանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին խօսած է Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ յետագայ նպատակներու` մասնաւորապրս Մընպէճ եւ Ռաքքա քաղաքներու հարցի մասին:
Էրտողան շեշտած է, որ Թուրքիան Մընպէճի եւ Ռաքքայի մէջ համապատասխան քայլեր կը ձեռնարկէ, երբ այդ հարցի շուրջ համաձայնութեան հասնին Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի հետ:
«Այժմ հերթը Մընպէճինն է: Մընպէճը արաբներուն է, ոչ թէ քիւրտերուն: Մենք անոր մասին ըսած ենք նաեւ մեր ամերիկացի գործընկերներուն: Ըսած էինք, որ Սուրիոյ քրտական ուժերը պէտք է անցնին Եփրատի արեւելեան ափ, սակայն անոնք դեռ չեն հեռացած: Մընպէճ պէտք է բնիկ ժողովուրդը վերադառնայ»,-ըսած է Թուրքիոյ նախագահը :