image

Թուրքիա կը պատրաստուի՞ Սուրիա մուտք գործել

Թուրքիա կը պատրաստուի՞ Սուրիա մուտք գործել

Սուրիոյ սահմանին թրքական Քիլիս քաղաքաի տեղական աղբիւրը նշած է, որ քաղաքը ծանր ռազմական գործողութեան ականատես կ'ըլլայ: Թուրքիոյ զինուած ուժերը  շաբաթէ մը ի վեր ռազմական ուժեր կը կուտակեն  սուրիական սահմանին: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Սփութնիք»ը, նշելով, որ թրքական բանակը Թուրքիոյ հարաւ արեւելեան Այնթապ նահանգի Իսլահիյէ քաղաքէն ուժեր կ'ուղարկէ Քիլիս, որոնք կը տարածուին սուրիական Աֆրինի սահմանին:

«Սփութնիք»ի աղբիւրը պատասխանելով այն հարցին, թէ «թրքական բանակը նպատակ ունի՞ Աֆրին կամ սուրիական այլ քաղաք մտնելու», պատասխանած է, որ «Թուրք պատասխանատուներ չեն թաքցներ Սուրիա մտնելու իրենց որոշումը եւ կը յայտարարեն Աֆրին մտնելու իրենց մտադրութեան մասին»:

Իր հերթին,  թուրք զինուոր մը յայտնած է, որ Թուրքիոյ բանակը ռազմական ուժեր եւ սարքեր կը տեղադրէ Իտլիպի կից՝ Իսքանտարոնի Ալ-Ռիհանիյէ քաղաքին մօտ, եւ ի պատասխան այն հարցին, որ թրքական բանակը մտադիր է Սիրիա մտնել, ըսած է. «Այդ պատճառով է, որ մեր ուժերը կը կեդրոնացնենք սահմանին մօտ»: