Թուրքիա զինուորական նոր խարիսխ պիտի ունենայ Սոմալիոյ մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է թրքական «Վաթան» թերթին կողմէ: Թերթին հաղորդումով Թուրքիա նպատակադրած է իր հիմնելիք զինուորական խարիսխներուն մէջ մարզումներ տրամադրել Սոմալիոյ բանակին, որ պայքար շղթայազերծած է «Ալ Քահիտա» շարժումի մէկ թեւը համարուող իսլամական «Ալ Շապապ» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ Ազրպէյճանի, Քաթարի, Ալպանիոյ եւ Իրաքի մէջ իր ունեցած խարիսխներէն ետք Սոմալիան պիտի դառնայ 5 -րդ երկիրը, ուր Թուրքիան զինուորական խարիսխ պիտի ունենայ: Յիշեցնենք, որ 2013-ին Թուրքիոյ Մոկատիշոյի դեսպանատունը «Ալ Շապապ»ի ահաբեկչական մէկ յարձակման թիրախ դարձած էր: