image

Թուրքիա կոչ կ'ընէ իր քաղաքացիներուն հեռանալ Իրաքի Քիւրտիստանէն

Թուրքիա կոչ կ'ընէ իր քաղաքացիներուն հեռանալ Իրաքի Քիւրտիստանէն

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, կոչ ըրած էիր քաղաքացիներուն հեռանալ Իրաքի Քիւրտիստանի շրջանէն: 

Թուրքիոյ ԱԳ նախարարութիւնը իր պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակած յայտարարութեան մէջ ըսած է. «Քիւրտիստանի վարչակազմի կողմէն այսօր՝ 25 սեպտեմբերին տեղի ունեցած հանրաքուէն կրնայ լուրջ խնդիրներու եւ բախումներու յանգեցնել»: 

 Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ կարգ մը ծայրայեղական խմբաւորումներ եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ կրնան թիրախաւորել Իրաքի մէջ Թուրքիոյ շահերը, օգտուելով հանրաքուէի պատճառով ստեղծուած անկայունութենէն: