Հալէպ- («Ալ-Տիար»-Պէյրութ)- Հալէպի մէջ իրավիճակի կայունացման զուգահեռ, Թուրքիա ապաստանած հալէպցի մեծ գործատէրեր իրենց քաղաքը վերադառնալու, գործարանները նորոգելու եւ արտադրութեան սկսելու մասին սկսած են մտածել:
Այդ իսկ պատճառով, Թուրքիան, ուր գաղթած են հալէպցի գործատէրերու մեծամասնութիւնը եւ շուրջ 122 հսկայ գործարաններ հիմնած են , առաջարկած է յարմարութիւններ ստեղծել անոնց համար, որպէսզի չհեռանան Թուրքիայէն: Առաջարկուած յարմարութիւններու շարքին եղած են՝ ելեկտրականութեան սակագինը կէսի նուազեցնել, գործատէրերը զերծ պահել աշխատաւորներու սոցիալական ապահովութեան հարկէն, կրճատել եկամտահարկի դրոյքաչափը՝ դարձնելով շահի 5 տոկոս, ինչպէս նաեւ թրքական հպատակութիւն շնորհել գործարաններու սեփականատէրերուն եւ անոնց ընտանիքներուն:
Այս առաջարկները հիմք ընդունելով, սուրիացի գործարարներ ժողով գումարած են Անգարայի մէջ եւ իրենց նման դրութիւններ տրամադրուելու լոյսին տակ՝ որոշած են Թուրքիա մնալ, մանաւանդ որ Թուրքիան դէպի Եւրոպա եւ Ամերիկա արտահանման առաւելութիւն ունի, դէպի Ռուսիա արտահանելու առաւելութիւն եւս ունէր, որ շուտով կրնայ վերականագնուի, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի հետ առեւտրական գերազանց յարաբերութիւններ ունի, բան մը, որ կը բացակայի Հալէպի մէջ:
Հետեւաբար Հալէպի եւ անոր արուարձաններու՝ մեծ գործարաններու սեփականատէր սուրիացի գործարարներ, որոնք 122 մեծ գործարքներու (պիզնէս) տէր անձնաւորութիւններ են, որոշած են առնուազն երկու կամ երեք տարի շարունակել մնալ Թուրքիա եւ Հալէպ չվերադառնալ ներկայ պահին: