Թուրք գրող Ազիզ Ուսթալ յայտնած է, որ հակառակ ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի պնդումներուն, սակայն ամենաշատը ինք միջամուխ եղած է Միջին Արեւելքի հարցերուն, քան զինք նախորդողները:
Թրքական «Սթար» թերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ Ուսթալ նշած է, որ Օպամա իր վերջին ճառին մէջ ճշմարտութիւնը կը քօղարկէր, յայտնելով, որ իսլամական տարբեր ուղղութիւններու միջեւ հազարամեակներէ ի վեր տեղի ունեցող հակամարտութեան խառնուիլը ԱՄՆ-ի օգտին չէ:
«Իր երկիրն իր քիթը կոխեց Միջին Արեւելքի մէջ, եւ ամբողջ իր գահակալութեան ընթացքին չհեռացաւ անկէ»,- բարձրաձայնած է թուրք գրողը:
Ուսթալի կարծիքով, Օպամա չաջակցեցաւ 2009 թուականի ընտրութիւններու արդիւնքներուն դէմ բողոքող «Կանաչ յեղափոխութեան», այլ բաւարարուեցաւ հեռուէն դիտելով, միաժամանակ Թեհրանին անուղղակիօրէն հասկցնելով, որ իր երկիրը չէզոք դիրքորոշում ունի խնդիրին նկատմամբ:
Գրողը շարոնակելով պատմած է նաեւ, որ նմանօրինակ դէպքեր տեղի ունեցան Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ, երբ Օպամա արտաքնապէս ժողովուրդի կողքին կանգնած ըլլալ ձեւացնելով հանդերձ երբեք չխառնուեցաւ անոնց հարցերու լուծման:
Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ, Օպամա թիկունք կանգնեցաւ «Քիւրտիստսնի բանուորական կուսակցութիւն» շարժման զինեալներուն, որովհետեւ այն պիտի հեշտացնէ իր իշխանութեան ամրապնդումը տարածաշրջանի նաւթահորերուն վրայ:
Ուսթալի կարծիքով, Թրամբի օրօք Միջին Արեւելքի մէջ կրճատուած է ամերիկեան ազդեցութիւնը, եւ այդ բացը լրացնելու եկած են Իրան, այնուհետեւ՝ Ռուսիա:
Գրողը համարած է, որ ռուս-իրանական համագործակցութիւնը երկար պիտի չտեւէ, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ Թեհրան այսօր կը ձգտի խանգարել Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ համատեղ ջանքերը, Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ:
Ուսթալ ռուս-թրքական համագործակցութեան մէջ կը տեսնէ Միջին Արեւելքի ապագան, եւ ըստ անոր, ԱՄՆ-ի ներքին հարցերու լուծումը երկար ժամանակի կը կարօտի:
Յօդուածի աւարտին Ուսթալ եզրակացուցած է, որ ԱՄՆ կրնայ որպէս երրորդ գործընկեր հանդէս գալ ռուս-թրքական համագործակցութեան մէջ, եւ ինչպէս ինք՝ Թրամբ նշեց. «Միայն անմիտները կրնան մտածել, թէ ԱՄՆ-ի հետ լաւ յարաբերութիւններու ստեղծումը կրնայ վատ բան համարուիլ», եւ շուտով պարզ պիտի դառնայ, թէ Ուաշինկթընի, Անգարայի եւ Մոսկուայի կողմէ Միջին Արեւելքի մէջ նոր համակարգի ստեղծումը աւելի դրակա՞ն արդիւնքի պիտի յանգեցնէ, թէ ոչ: