Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան՝ ՄԻԹ-ի շարքերուն մէջ լուրջ տարակարծութիւններ կան: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ «Ալ Մայատին» կայանը: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ երկրի զինուորական տարբեր բաժանմունքներուն մէջ եւս կը տիրէ լուրջ տարակարծութիւն: ՄԻԹ-ի՝ Էրտողանի կողքին եղած բաժանմունքի բարձրաստիճան սպաներ յայտարարած են, որ բռնի ուժով դիմելով պիտի պայքարին, իրենց ըսելով օրինախախտներու դէմ: