Թրքական աղբիւրներ եւ սուրիացի ընդդիմադիրներ յայտնած են, որ թրքական զօրքերը եւ անոր դաշնակից սուրիական «Ազատ բանակ»ի խմբաւորումները երէկ իրենց հսկողութեան տակ առած են Հալէպի հիւսիսային արուարձանին մէջ գտնուող Թէլ-Ռըֆհաթը:
Այս մասին հաղորդող «Lebanon 24»ը նաեւ կը յայտնէ, որ ըստ թրքական ռազմական աղբիւրին՝ «Ձիթենիի ճիւղ»ի ուժերը իրենց ամբողջական վերահսկողութեան տակ առած են նաեւ «Մեկ» օդակայանը, որ կը գտնուի Թէլ-Ռըֆհաթի մօտակայքը, մինչ ընկերային ցացներու վրայ աքթիւիսթներ գրառումներ կատարած են՝ Թրքական ուժերու եւ անոր դաշնակիցներու քաղաք մուտք գործելու մասին՝ հոնկէ ռուսական ռազմական ոստիկանութեան միաւորներու քաշուելէն ետք:
Իր հերթին, Աֆրինի մէջ քրտական միաւորներու պաշտօնական մամլոյ քարտուղարը հերքած է «Ձիթենիի ճիւղ»ի ուժերու կողմէ Թէլ-Ռըֆհաթի գրաւումը, այն որակելով տեղեկատուական պատերազմի ծիրէն ներս եղած սուտ յայտարարութիւն: