Իսրայէլեան «Հաարէթց» թերթը յայտնած է, որ Սպիտակ Տունը Իսրայէլի միջուկային զէնքերը վերացնելու ծրագիրի մեկնարկին համար որպէս նախապայման նշած է Միջին Արեւելքի արաբական երկիրներու կողմէ Իսրայէլը որպէս երկիր ճանչցուելու փաստը:
Թերթին փոխանցմամբ, ԱՄՆ նախագահ Թրամբի կողմէ որպէս դիրքորոշման ճշդում- գրութիւն ուղարկուած է Ժնեւի մէջ 2020 թուականին կայանալիք միջուկային զէնքերու վերացման համագումարի յանձնաժողովին, որուն մէջ մասնաւորապէս նշուած է, թէ վերջին քանի մը տասնամեակներուն տարածաշրջանին մէջ տիրող լարուածութիւնը, վստահութեան պակասն ու քաղաքական նկատառումներով տեղի ունեցող զինեալ հակամարտութիւնները պատճառ դարձած են, որ շարք մը երկիրներ մերժեն Իսրայէլի հետ համագործակցիլն ու զայն որպէս երկիր ճանչնալը:
ԱՄՆ շեշտած է նաեւ տարիներէ ի վեր Իսրայէլի կողմէ Իրաքի, Իրանի, Լիպիոյ եւ Սուրիոյ դէմ հնչող մեղադրանքները, ակնարկելով, որ այդ երկիրները անցնող տարիներու ընթացքին չյայտարարուած միջուկային ծրագիրներ մշակած են:
Նշենք, որ Իսրայէլ մշտապէս մերժած է միջուկային զէնքերու տարածումն արգիլող պայմանագիրներ ստորագրել, եւ մեծ է հաւանականութիւնը Թէլ Աւիւի մօտ միջուկային զէնքեր գտնուելուն, սակայն այն ո'չ հերքած է, եւ ոչ ալ հաստատած է այդ հանգամանքը: