«Մոնիթոր» կայքը զգուշացուցած է, որ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի կողմէ Արտաքին գործոց նախարար Թիլըրսընին պաշտօնանկ ընելն ու CIA-ի տնօրէն Մայք Բոմբէոն անոր փոխարէն նշանակելը կրնայ խանգարել Իրանի հետ միջուկային համաձայնագրի երկրաձգումը:
Աղբիւրը կը նշէ, որ Թրամբի՝ Թիլըրսընի հեռացման որպէս պատճառ՝ Իրանի միջուկայինի հարցի շուրջ անոր հետ անհամաձայնութիւնը նշելը, եզրակացնել կու տայ, որ Ուաշինկթընի «դաշնակից» դիւանագէտներ գոհ չեն Թրամբի թղթածրարները «լուծել»ու ձեւաչափերէն: Յղում ընելով ՄԱՆ արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ այլ դիւանագէտի, նշուած է, որ կ'ակնկալուի որ Թիլըրսընէն ետք Հուք եւս հեռանայ:
Դիւանագէտնեը պնդած են, որ Իրան հարցը Թրամբի եւ Թիլըրսընի միջեւ առկայ միակ տարակարծութիւնը չէր:
Կը նշուի նաեւ, որ Թրամբի կողմէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի մօտ մշտական ներկայացուցիչ «թխամորթ» Նիքի Հէյլին նշանակելը, զայրացուցած էր Թիլըրսնը: