image

Թրամբ ի՞նչ պատճառներով հեռացուց Թիլըրսըն. Al Monitor-ի վերլուծութիւնը

Թրամբ  ի՞նչ   պատճառներով  հեռացուց  Թիլըրսըն. Al Monitor-ի վերլուծութիւնը

«Մոնիթոր» կայքը զգուշացուցած է, որ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի կողմէ Արտաքին գործոց նախարար Թիլըրսընին պաշտօնանկ ընելն ու CIA-ի տնօրէն Մայք Բոմբէոն անոր փոխարէն նշանակելը կրնայ խանգարել Իրանի հետ միջուկային համաձայնագրի  երկրաձգումը:

Աղբիւրը կը նշէ, որ Թրամբի՝ Թիլըրսընի հեռացման որպէս պատճառ՝ Իրանի միջուկայինի հարցի շուրջ անոր հետ անհամաձայնութիւնը նշելը, եզրակացնել կու տայ, որ Ուաշինկթընի «դաշնակից» դիւանագէտներ գոհ չեն Թրամբի թղթածրարները  «լուծել»ու ձեւաչափերէն: Յղում ընելով ՄԱՆ արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ այլ դիւանագէտի, նշուած է, որ կ'ակնկալուի որ Թիլըրսընէն ետք Հուք եւս հեռանայ:

Դիւանագէտնեը պնդած են, որ Իրան  հարցը Թրամբի եւ Թիլըրսընի միջեւ  առկայ  միակ  տարակարծութիւնը չէր:

 Կը նշուի նաեւ, որ Թրամբի կողմէ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի մօտ մշտական ներկայացուցիչ «թխամորթ» Նիքի Հէյլին նշանակելը, զայրացուցած էր Թիլըրսնը: