image
Հրատապ լուրեր:

Թրամբ եւ Նեթանիահու Իրանի հարցը քննարկած են

Թրամբ եւ Նեթանիահու Իրանի հարցը քննարկած են

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի եւ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուի հեռախօսազրոյցի կարեւորագոյն թեման Իրանի հարցը եղած է, կը տեղեկացնէ RT–ն։

ՆԵթանիահուն շնորհակալութիւն յայտնած է Թրամփին Ուաշինկթընի մէջ իրեն ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ Քոնկրէսի առջեւ հակասեմիտականութիւնը խտօրէն դատապարտելու համար։

«Երկու պետութիւններու ղեկավարները մանրամասն քննարկած են Իրանի հետ միջուկային համաձայնագիրի ու տարածաշրջանին մէջ իրանեան յարձակումներու վտանգաւոր հետեւանքները, ինչպէս նաեւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը՝ այդ սպառնալիքներուն դիմակայելու համար»,- յայտնած է Իսրայէլի վարչապետի մամլոյ խօսնակը։