Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին հետեւանքով Մարտակերտի շրջանի առաւելապէս տուժած Թալիշ գիւղի բնակիչներուն մէկ մասը, որ տեղափոխուած է ՀՀ տարբեր բնակավայրեր, կը գտնուի մեր ուշադրութեան կեդրոնը եւ ԼՂՀ կառավարութիւնը կը հոգայ անոր վերադարձը: Այս մասին Artsakhpress.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարար Սամուէլ Աւանեսեանը: Նախարարին խօսքով, ապրիլեան առաջին օրերէն սկսեալ նախարարութիւնը կապի մէջ է ՀՀ մարզպետարաններու, ՀՀ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան գաղթականութեան պետական ծառայութեան եւ Երեւանի մէջ ԼՂՀ ներկայացուցչութեան հետ, որոնք ամենօրեայ տեղեկութիւններ կը հաղորդեն այդ ընտանիքներու վիճակին մասին: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարին խօսքով, այսօր` մայիս 16-ին, Լենստոն Ղուլեանի գլխաւորութեամբ կրկին աշխատանքային խումբ գործուղուած է ՀՀ, ուր կրկին հանդիպումներ պիտի իրականացուին նշուած ընտանիքներուն հետ եւ վերադառնալու ցանկութիւն ունեցող բոլոր ընտանիքներուն պիտի տրամադրուին համապատասխան միջոցներ: «Առաջիկայ օրերին կը սկսենք Արցախի տարբեր բնակավայրերում ապաստանած թալիշցիներին բնակարանային եւ վերը նշուած այլ պայմաններով ապահովման գործընթացը: Որպէս նախարար եւ այս գործում պատասխանատու պաշտօնեայ` կոչ եմ անում ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հետեւանքով Արցախից դուրս ապաստանած թալիշցիներին ետ վերադառնալ: Մինչեւ վերջնականօրէն կը լուծուի Թալիշ գիւղում անվտանգ ապրելու երաշխիքների խնդիրը` ԱՀ կառավարութիւնը անվտանգ վայրերում նրանց կ’ապահովի կենսական նշանակութեան բոլոր անհրաժեշտ պայմաններով»,- ըսած է նախարարը:
Նախարարը նշած է նաեւ, որ Մարտակերտի շրջանի բոլոր այն բնակավայրերէն, ուր տեղի ունեցած են բնակչութեան զանգուածային կամ մասնակի տարհանումներ, այս օրերուն մարդիկ սկսած են ետ դառնալ իրենց բնակավայրերը: «Ինչպէս արդէն նախապէս յայտարարուել է, հակառակորդի հրետակոծութիւնից տուժած բոլոր բնակիչները կառավարութեան կողմից ստանալու են համարժէք փոխատուցումներ»,- ըսած է Աւանեսեանը` մանրամասնելով, որ հրետակոծութենէն տուժած բոլոր տուները քաղաքաշինութեան նախարարութեան կողմէն վերակառուցուած են կամ ընթացքի մէջ են, եղած է նաեւ գոյքագրում, որուն համար պիտի տրուին համապատասխան փոխհատուցումներ: