image

Թալ Ապեատի Մէջ 15 Հայ Ընտանիքներ Կը Շարունակեն Իրենց Կեանքը (Լուսանկար)

Թալ Ապեատի Մէջ  15    Հայ Ընտանիքներ  Կը Շարունակեն Իրենց  Կեանքը  (Լուսանկար)

 Թալ Ապեատի մէջ  կ'ապրին շուրջ   15 հայ ընտանիքներ: «Արեւելք»  այս մասին   տեղեկացաւ շրջանի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, թէ    տեղի հայ բնակչութիւնը       լաւ կապեր ունի շրջանի   ապահովութիւնը ստանձանած քրտական YPK-ի ( PKK-ի սուրիական թեւը)  ղեկավարութեան հետ  եւ կը վայելէ  անոնց   հոգածութիւնը: Ըստ մեր  աղբիւրին, քիւրտերը  կարելի բոլոր միջոցներով  կ'օժանդակեն  մեր հայրենակիցիներուն:   Թալ  Ապեատի հայ բնակիչները   գլխաւորապէս կը զբաղին հողագործութեամբ եւ    ինքնաշարժներու նորոգութեան գործերով եւ   Սուրիոյ  այլ շրջաններուն  հետ համեմատած  անոնց վիճակը  տանելի է:   «Արեւելք»ի   աղբիւրը նաեւ ըսաւ, որ    վերջին  շաբաթներուն     Թալ Ապեատի հայ բնակիչները  Կիրակի օրերը   շրջանի  միակ եկեղեցին կ'այցելեն եւ հաւաքական աղօթք կ'ընեն:   Նշենք, որ            «Արեւելք»ի տեղադրած  լուսանկարը  առնուած է   անցեալ Կիրակի օր   «Սուրբ  Խաչ» եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցած    աղօթքի արարողութեան  ընթացքին:  Մեր աղբիւրը  նաեւ ըսաւ, որ   ապահովական պայմաններու բերումով շրջանին մէջ  հայ  կրօնաւորներ չկան,  սակայն այդ մէկը չի խանգարեր, որ անոնք իրենց կրօնական  պարտականութիւնը  ըստ արժանւոյն  կատարեն: Յիշեցնենք, որ Թալ  Ապեատը  կը գտնուի Սուրիա-Թուրքիա  սահմանին մերձ: