«Տիարպէքիրի փաստաբաններու պալատի նախագահ եւ մարդկային իրաւանց պաշտան Թահիր Էլչիի սպաննութիւնը սպասելի էր»,- «Արեւելք»ին ըսաւ Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս: Պոլսահայ լրագրողը նաեւ նկատել տուաւ, որ սոյն սպաննութիւնը քաղաքական սպաննութիւն է, եւ իր կարծիքով 1 Նոյեմբերի ընտրութիւններէն ետք եղող ընդհանուր մթնոլորտին շարունակութիւնն է: Արաքս յայտնեց, որ այս պահուն կը դժուարանայ մեկնաբանել, թէ Թուրքիոյ որ կողմի շահերուն կը ծառայէ սոյն սպաննութիւնը: Ան նաեւ խուսափեցաւ մեկնաբանել, թէ ինչ զարգացումներ կը սպասուին Թուրքիոյ մէջ, պարզ ըսելով, որ այսօրուան իրավիճակին մէջ նոյնիսկ քաղաքական կանխատեսում ընելը հասարակութեան կողմէ խորթ աչքով կրնայ դիտուիլ: Ան նաեւ անդրադարձաւ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ երէկ խօսքով հանդէս եկած HDP-ի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի ելոյթին, ըսելով, որ Փայլան հանդէս եկաւ խիզախ ելոյթով: Մանրամասնելով հայ երեսփոխանին արտասանած խօսքը` Արաքս ըսաւ. «Փայլան իր խօսքով խօսեցաւ Էլչիի սպաննութեան հանգամանքներուն եւ իր խօսքը մասնաւորապէս խորհրդարանի նախագահին ուղղելով ու մէջբերելով Իսմայիլ Քահրամանի խօսքը յառեց. «Պարոն խորհրդարանի նախագահ, դուք ձեր խօսքին մէջ նշեցիք, որ չէք ուզէր որ այս պետութեան վրայ ոչ մէկ թիզ փոշի մնայ, բայց այսօր երեւելի է, որ Թուրքիոյ պետութեան վրայ երեք թիզ փոշի կայ: Կայ Հրանդ Տինք, կան այլ սպաննութիւններ եւ այսօր կայ Թահիր Էլչի: Հրանդ Տինք եւ իր նմանները սպաննուեցան պետութեան վրայ կուտակուած փոշին մաքրելու իրենց ճիգին համար»: Արաքս նաեւ նշեց, որ Փայլանի խօսքը խիզախ էր եւ վեց վայրկեան տեւած ելոյթը ոչ մէկ կերպ միջամտուեցաւ: Պոլսահայ լրագրող Արաքս նաեւ յուշեց, որ վերջին օրերուն Թուրքիոյ մէջ ունեցած դէպքերը ՝ ռուսական օդանաւին վար առնուիլը, «Ճումհուրիյէթ»-ի խմբագիրներուն ձերբակալութիւնը եւ Թահիր Էլչիի սպաննութեան դէպքը բաւական ծանր հոգեբանական իրավիճակ ստեղծած են Թուրքիոյ հանրապետութեան ցանկացած քաղաքացիին համար: