Այս պահին յարաբերական անդորր է։ Այդ մասին Իջեւանի մէջ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Տաւուշի մարզպետ Հայկ Չաբանեանը:
«Մեր բնակավայրերուն մէջ վնասուած են 10-էն աւելի առանձնատուներ, ինչպէս նաեւ որոշ ենթակառուցուածքներ։ Առանձնայատուկ կ'ուզեմ նշել Այգեպարի մանկապարտէզի ռմբահարումը։ Վնասուած է ջրագիծ, որուն վերականգնման աշխատանքները ընթացքի մէջ են: Բարեբախտաբար, քաղաքացիական բնակչութեան մէջ վիրաւորներ եւ զոհեր չունինք»,- ըսած է մարզպետը:
Մարզպետը շնորհակալութիւն յայտնած է բնակչութեան կազմակերպուած գործելու համար: Գոյքագրման յանձնաժողով կազմուած է, որ ամէնօրեայ տեղեկութիւն պիտի փոխանցէ, եւ վաղուընէ պիտի սկսին բնակարաններու վերակառուցումը:
Մարզպետը նշած է, որ այն բնակարաններու փոխարէն, որոնք հնարաւոր չըլլար վերականգնել, պիտի կառուցեն նորը: Մարզպետը վստահեցուցած է, որ սեղմ ժամկէտներու մէջ բնակարանները վերականգնուած պիտի ըլլան:
«Մենք այս պահին ունինք հաշուառած առնուազն 30 բնակարան կամ առանձնատուն, որոնք վերականգնման կարիք ունին: Այդ աշխատանքները պիտի սկսինք անմիջապէս։ Մենք որոշում կայացուցած ենք նաեւ միանուագ դրամական օգնութիւն ցուցաբերել այս ընտանիքներուն»,- աւելցուցած է ան: