Սուրիոյ Իտլէպ նահանգին մէջ անձնասպան պայթումի հետեւանքով նուազագոյնը 12 անձ սպաննուեցան:
«Ռոյթրզ» լրատուական գործակալութեան համաձայն, երէկ, Սուրիոյ հիւսիս–արեւմուտքը գտնող Իտլիպ քաղաքի մօտ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումով վիրաւորուեցան եւ զոհ գացին տասնեակներ։
Այդ շրջանը կը գտնուի ընդդիմադիրներու իշխանութեան տակ։
Ըստ գործակալութեան աղբիւրներուն, պայթումը ցնցեց հիւսուածեղէնի գործարան մը, որ կը ծառայէր որպէս հաւաքավայյր՝ «Թահրիր Ալ Շամ»ի խմբաւորումի անդամներուն։ «Թահրիր Ալ Շամ»ը, «Ժապհըթ Ֆաթըհ Ալ Շամի» (նախկին «Ժապհըթ Ալ Նուսրա») գլխաւորութեամբ զինեալ խմբաւորումներու մէկ ճիւղն է։