image

Տահի Խալֆան կը զգուշացնէ Լիբանանը Քաթարի ճակատագիրը կրելէ

Տահի Խալֆան կը զգուշացնէ Լիբանանը Քաթարի ճակատագիրը կրելէ

Տուպայի ոստիկանութեան նախկին փոխգնդապետ Տահի Խալֆան զգուշացուցած է, որ Լիբանան կրնայ ենթարկուիլ շրջափակման նոյն ճակատագրին, որուն ենթարկուեցաւ Քաթար, նկատի ունենալով վարչապետ Հարիրիի հրաժարականին յաջորդած ճգնաժամը: Այս մասին կը հաղորդէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:

Խալֆան նշած է, որ Լիբանանի մէջ գործող «Հըզպալլա»ի ղեկավարին կողմէ արաբական երկիրներու անվտանգութեան ուղղուած սպառնալիքը կրնայ շուտով շրջափակման վտանգի առջեւ կանգնեցնել Լիբանանը: