Տուպայի ոստիկանութեան նախկին փոխգնդապետ Տահի Խալֆան զգուշացուցած է, որ Լիբանան կրնայ ենթարկուիլ շրջափակման նոյն ճակատագրին, որուն ենթարկուեցաւ Քաթար, նկատի ունենալով վարչապետ Հարիրիի հրաժարականին յաջորդած ճգնաժամը: Այս մասին կը հաղորդէ «Only Lebanon» լրատուական կայքը:
Խալֆան նշած է, որ Լիբանանի մէջ գործող «Հըզպալլա»ի ղեկավարին կողմէ արաբական երկիրներու անվտանգութեան ուղղուած սպառնալիքը կրնայ շուտով շրջափակման վտանգի առջեւ կանգնեցնել Լիբանանը: