Աւստրալիոյ ոստիկանութիւնը յայտարարած է «Տահէշ» ահաբեկչական խմբաւորումի հրէշային նոր ծրագրի մը ձախողութեան մասին:
Ըստ ոստիկանութեան գլխաւոր պատասխանատու Մայքըլ Ֆիլան՝ «Տահէշ» համագործակցելով Աւստրալիոյ Սիտնի քաղաքին մէջ գտնուող խումբ մը ծայրայեղականներու հետ, մտադիր էր պայթուցիկ մը պատրաստել, տեղադրել ԱՄԷ-ին պատկանող օդանաւի մը մէջ:
Սակայն, գործողութիւնը ձախողած է ոստիկանութեան զգօնութեան շնորհիւ:
Ըստ Մայքըլին՝ գործողութիւնը կազմակերպող խումբէն արդէն 3-ը ձերբակալուած են:
Յետաքննութիւնները ցոյց տուած են, որ այս գործողութեան հրամաններ տուողը «Տահէշ» կազմակերպութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն մին է:
Նշենք, որ ներկայիս Աւստրալիոյ բոլոր օդակայաններուն մէջ ապահովական մակարդակի բարձր զգօնութիւն կը նկատուի: