Երէկ Հոմսի T-4 օդակայանի վրայ իսրայէլեան յարձակումը շատ մը դիտորդներու համար անակնկալ չէր: Այս մասին կը յայտնէ «Lebanon 24»ը, նշելով, որ սակայն խօսակցութիւնները աւելի շատ կը կեդրոնանային սուրիական բանակի դիրքերու ուղղութեամբ ամերիկեան յարձակում ակնկալելու շուրջ:
Աղբիւրը նաեւ կ'աւելցնէ, որ «իսրայէլեան յարձակումը նպատակ ունէր քանի մը ձեռքբերումներ արձանագրել որոնցմէ ամենակարեւորը՝ բախումներու կանոնները վերադարձնել նախկին տեսքին, ինչպէս որ էր նախքան սուրիական օդուժի կողմէ իսրայէլեան կործանիչի ջախջախումը, այսինքն որ իսրայէլեան ռազմաօդային ուժերը դարձեալ ազատութիւն ունենան Սուրիոյ վրայով սաւառնելու»:
Աղբիւրին համաձայն, երկրորդ նպատակը, «իսրայէլեան փորձ է, ստուգելու սուրիական օդային պաշտպանութեան կարողութիւնը, յատկապէս այն ժամանակ, երբ կը խօսուի Սուրիոյ դէմ ֆրանսական եւ ամերիկեան օդային հարուածներու մասին»: