image

Սըլման թագաւոր նամակ մը ուղղարկած է Իսրայէլի վարչապետին

Սըլման թագաւոր  նամակ մը ուղղարկած է Իսրայէլի վարչապետին

Սէուտական Արաբիոյ գահակալ Սալման Պըն Ապտուլազիզ ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամբի միջոցաւ նամակ մը յղած է Իսլայէլի վարչապետ Նաթանիահոյին: Այս մասին տեղեկացուցած է «Մաարիւ» իսրայէլեան թերթը:

Թերթը գրած է , որ Սալման իր նամակին մէջ նշած է, որ« Սէուտական Արաբիան պատրաստ է Իսրայէլի հետ իր վիճակը կարգաւորելու, եթէ ղեկաւարութիւնը համարձակ որոշում առնէ»:

Աղբիւրը նաեւ նշած է , որ «Նմակի միտքը յստակ է, Սէուտական Արաբիան կարծես կ’ըսէ , որ արդէն ժամանակն է այս քայլին դիմելու», աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիան պատրաստ է յարաբերութիւններ հաստատել Իսրայէլի հետ, եթէ ան որոշէ համարձակ քայլեր առնել եւ լուծել Պաղեստինեան հարցը: