Սուտանի նախագահ Օմար Ալ Պաշիր տնային կալանքի տակ է։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայանը յղում ընելով սուտանեան աղբիւրներու։
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Սուտանի իշխող կուսակցութեան բարձրաստիճան տասնեակ ղեկավարներ եւ պատասխանատուներ բերման ենթարկուած են։
Յիշեցնենք, որ Սուտան այս առաւօտ թատերաբեմ դարձած էր պետական հարուածի, որուն հեղինակներն են բանակի կարգ մը բարձրաստիճան սպաներ։ Լրատուական տարբեր աղբիւրներ նոյնպէս կը հաղորդեն, որ բանակի ջոկատներ տարածուած են երկրի նախագահական պալատին շրջակայքը եւ վերահսկողութեան տակ առած դէպի պալատ տանող բոլոր ճանապարհները։
Կը սպասուի նաեւ, որ այսօր բողոքի մեծ հաւաքները շարունակուին եւ մեծ թիւով ցուցարարներ արդէն իսկ հաւաքուած են բանակի գլխաւոր զօրակայանին մօտ։
Անցնող երեք ամիսներուն բողոքի մեծ ցոյցեր կը կատարուէին Սուտանի մայրաքաղաքին մէջ եւ ցուցարարները կը պահանջէին նախագահ ալ Պաշիրին վաղաժամկէտ հեռացումը։