Սուրիա- Հալէպի գիւղական հատուածներուն մէջ իր ունեցած կարեւոր յառաջխացքներէն ետք Սուրիոյ բանակը կը պատրաստուի կարեւոր ձեռքբերում մը պիտի գրանցել յառաջիկայ ժամերուն: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ Մայատին» Կայանը : Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ յաջողուած բանակցութիւններուն հիմամբ ընդդիմադիր տարբեր խմբաւորումներ ստիպուած պիտի ըլլան հեռանալ Հոմսի «Հայ ալ ուահր» շրջանէն: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ «Հայ Ուահըր»ը Հոմսի մէջ եղող այն վերջին շրջանն էր, որ կը գտնուէր ընդդիմադիր զինեալներու վերահսկողութեան տակ: