image

Սուրիոյ տագնապի լուծման համար Ասատի հեռացման պահանջը ընդունելի չէ. Մոսկուա

Սուրիոյ տագնապի լուծման համար Ասատի հեռացման պահանջը ընդունելի չէ. Մոսկուա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անընդունելի կը գտնէ Ասատի հեռացման պահաջը՝ որպէս նախապայման Սուրիոյ տագնապի լուծման: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն:

Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարի տեղակալ Միխայիլ Պոկտանով այսօր յայտարարծ է նաեւ, որ Մոսկուա կարեւոր կը նկատէ Սուրիոյ ընդդիմութեան համատեղ պատուիրակութեամբ մը մասնակցութիւնը՝ Ժընեւի բանակցութիւններուն: Պոկտանով յայտարարած է, որ քիւրտ ներկայացուցիչներ նոյնպէս պէտք է ներգրաւուած ըլլան այս բանակցութիւններուն: