Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անընդունելի կը գտնէ Ասատի հեռացման պահաջը՝ որպէս նախապայման Սուրիոյ տագնապի լուծման: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ ԱԳՆ-ն:
Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարի տեղակալ Միխայիլ Պոկտանով այսօր յայտարարծ է նաեւ, որ Մոսկուա կարեւոր կը նկատէ Սուրիոյ ընդդիմութեան համատեղ պատուիրակութեամբ մը մասնակցութիւնը՝ Ժընեւի բանակցութիւններուն: Պոկտանով յայտարարած է, որ քիւրտ ներկայացուցիչներ նոյնպէս պէտք է ներգրաւուած ըլլան այս բանակցութիւններուն: