image

Սուրիոյ Քիւրտ- Դեմոկրատական ուժերը կառավարութեան հետ պիտի համաձայնի՞ն

Սուրիոյ Քիւրտ- Դեմոկրատական ուժերը  կառավարութեան հետ պիտի համաձայնի՞ն

Սուրիոյ Քիւրտ-Դեմոկրատական ուժերու խորհուրդը յայտարարած է, որ ներկայիս կը պատրաստուին Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններու բնակիչներէ կազմուած խմբակ մը ստեղծել, նախապատրաստուելով Սուրիոյ կառավարութեան հետ երկխօսութիւն սկսելու:

«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերու խորհուրդի անդամ Հիքմաթ Հապիպ Թապքայի մէջ կայացած համագումարի ժամանակ նշած է, որ համագումարի կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը Սուրիոյ կառավարութեան հետ բանակցութիւններ վարող խմբակի ստեղծումն է:

Հապիպ միաժամանակ աւելցուցած է, որ խմբակին մէջ ներառուած պիտի ըլլան Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերու իշխանութեան տակ գտնուող, ինչպէս նաեւ ինքնիշխանութիւն վարող շրջաններու ներկայացուցիչներ: Խմբակին մէջ ներգրաւուած պիտի ըլլան Ռաքքայէն, Տէր Զօրէն եւ Մունպուճէն ներկայացուցիչներ եւս: