image

Սուրիոյ մէջ զինամթերքի պահեստանոցի պայթումը ռուս զինուորներու կեանքեր խլած է

Սուրիոյ մէջ զինամթերքի պահեստանոցի պայթումը ռուս զինուորներու կեանքեր խլած է

Սուրիոյ արեւելեան շրջանի Տէր Զօր նահանգին մէջ աւելի քան 15 ռուս զինուոր զոհուած է:

«Ֆրանսբրէս» լրատուական գործակալութեան համաձայն, վերջիններս անվտանգութեան ոլորտի մէջ մասնագիտացած ռուսական ընկերութեան մը մէջ կ'աշխատէին, եւ նշուած ընկերութեան զինամթերքի պահեստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին զոհ գացած են:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի տնօրէն Ռամի Ապտ Ալ Ռահմանին փոխանցմամբ, յիղեալ ռուսական ընկերութիւնը Սուրիոյ կառավարութեան տիրապետութեան տակ գտնուող նաւթահորերու եւ կազի հանքերու պաշտպանութեամբ կը զբաղի: