«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան՝ Ստեփանաւանի համայնքապետի թեկնածու Արսէն Գէորգեանը ձերբակալուած է, յայտնած է Արեգա Յովսէփեանը:
Նշենք, որ Խուզարկութիւններն ու վարութային այլ գործողութիւնները կը կատարուին քրէական վարոյթի շրջածիրէն ներս: Ձերբակալուած է 14 անձ, յայտնած են Հակափտածութեան կոմիտէէն:
Խուզարկութիւններ՝ Ստեփանաւանի մէջ
Վաղ առաւօտէն համատարած խուզարկութիւններ եւ ձերբակալութիւններ են Ստեփանաւանի տարածաշրջանին մէջ «Ուժեղ Հայաստան»-ի աջակիցներու շրջածիրէն ներս: Այս մասին գրած է ՀՀ 9-րդ գումարման Ազգային ժողովի «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Գէորգեանը։
«Իշխանութեան գործողութիւնները չափազանց կանխատեսելի են, բայց տեղի ունեցողն արդէն անցնում է բանականութեան սահմանները․ երէկուայ «ժողովրդավարութեան» ցուցադրութիւնն ու այսօրուայ բացայայտ անօրինականութիւնները դրա վառ ապացոյցն են»,- գրած է Գէորգեանը։