image

Սուրիոյ մէջ ընթացք առած է «Ո՞վ է ամուսինդ» շարժումը

Սուրիոյ մէջ ընթացք առած է «Ո՞վ է ամուսինդ» շարժումը

Սուրիոյ մէջ խումբ մը լրագրողներ եւ իրաւաբաններ «Ո՞վ է ամուսինդ» խորագրով նոր շարժման մը մեկնարկը տուած են:

Շարժման նպատակը, ըստ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան, սուրիացի կիներն իրազեկելն է օտարերկրացի զինեալներու հետ ամուսնանալու վտանգներուն շուրջ:

Աքթիւիստները կը փորձեն շեշտը դնել նման ամուսնութիւններու հետեւանքով առաջացած իրաւաբանական եւ այլ խնդիրներու վրայ, նշելով, որ այդ միութիւններէն ծնած երեխաները զրկուած են ինքնութիւն ունենալէ, ուսում ստանալէ, ինչպէս նաեւ անոնք կախեալ կը մնան իրենց հայրերէն իրենց փոխանցուած ոչ արդար սկզբունքներէն:

Շարժման ղեկավարները շեշտած են նաեւ, որ սուրիացի կիներու հետ ապօրինի ամուսնութիւններ կնքած օտարերկրացի զինեալներու մեծ մասը լքելով իրենց կիներն ու զաւակները փախուստի դիմած, կամ վերադարձած են իրենց երկիրներ, իսկ ուրիշներ մարտերու ժամանակ սպաննուած են, անտէր ձգելով իրենց նորստեղծ ընտանիքները: