image

Սուրիոյ մէջ Պաշար Ասատի պատկերով նոր թղթադրամ շրջանառութեան մէջ դրուած է

Սուրիոյ մէջ Պաշար Ասատի պատկերով նոր թղթադրամ շրջանառութեան մէջ դրուած է

Սուրիոյ կեդրոնական դրամատունը երէկ շրջանառութեան մէջ դրած է նոր թղթադրամ՝ 2000 սուրիական ոսկի (3․9 տոլար) արժողութեամբ, որու վրայ պատկերուած է երկրի նախագահ Պաշար Ասատի նկարը։

Կեդրոնական դրամատան նախագահը ըսած է, թէ թղթադրամի թողարկումը քանի մը տարի առաջ նախատեսուած էր, սակայն յետաձգուած էր պատերազմական գործողութիւններու եւ փոխարժէքի կտրուկ տատանման պատճառով։

Նախապէս երկրի արժոյթի վրայ եղած են միայն պատմական պատկերներ, նաեւ ներկայիս նախագահի հօր եւ երկրի նախկին առաջնորդի՝ 2000 թուականին մահացած Հաֆէզ Ասատի պատկերը: