image

Սուրիոյ մէջ. Նախագահ Ասատն ու իր կինը մասնակցեցան քուէարկութեան

Սուրիոյ  մէջ. Նախագահ Ասատն ու իր կինը  մասնակցեցան   քուէարկութեան

Սուրիոյ  նախագահ Պաշշար Ասատ  եւ Սուրիոյ  առաջին  տիկին Ասմա  Ասատ  այս  առաւօտ   մասնակցեցան ու  քուէարկեցին       երկրին մէջ   ընթացող խորհրդարանական  ընտրութիւններուն։

 

 Այս  մասին տեղեկութիւնը տուած է Սուրիոյ նախագահութեան «Թէլէկրամ»ի  էջը, որ նաեւ հաղորդեց, թէ  նախագահ Ասատ  իր քուէարկութիւնը կատարած է Դամասկոսի  նախագահական հարցերու  նախարարութեան  կեդրոնատեղիին  մէջ։

 

 Նշենք, որ  Սուրիոյ    պատերազմի սկիզբէն ի վեր այս  երրորդ ընտրութիւններն են որ  կը կայացուին։