Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ եւ Սուրիոյ առաջին տիկին Ասմա Ասատ այս առաւօտ մասնակցեցան ու քուէարկեցին երկրին մէջ ընթացող խորհրդարանական ընտրութիւններուն։
Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է Սուրիոյ նախագահութեան «Թէլէկրամ»ի էջը, որ նաեւ հաղորդեց, թէ նախագահ Ասատ իր քուէարկութիւնը կատարած է Դամասկոսի նախագահական հարցերու նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ։
Նշենք, որ Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր այս երրորդ ընտրութիւններն են որ կը կայացուին։