Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի քաղաքական խորհրդական Պուսայնա Շահպան, ուրբաթ օր, յայտարարած է, որ սուրիական կառավարութիւնը պիտի պայքարի որեւէ ուժի դէմ, այդ շարքին նաեւ ամերիկայի հովանաւորութիւնը վայելող ուժերուն դէմ:
Շահպան, որ խօսած է «Հըզպալա»ի «Ալ Մանար» կայանէն նաեւ ըսած է. «Ըլլայ «Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր»ը, կամ «Տահէշ»ը, կամ մեր երկրի տարածքին գտնուող որեւէ անօրինական օտար ուժ, մենք անոնց բոլորին դէմ պիտի պայքարինք, մինչեւ մեր հողը ամբողջութեամբ ազատագրուի ամէն տեսակի թշնամիէ»:
Սուրիացի կին գործիչը աւելցուցած է, որ ԱՄՆ-ի աջակցութիւնը վայելող «Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր»ը «Տահէշ»ի ձեռքէն տարծքներ գրաւած են, նոյնիսկ «առանց որեւէ պայքարի»:
Յիշեցնենք, որ Շահպան նախքան Պաշշար Ասատի խորհրդական նշանակուիլը երկար տարիներ աշխատած է Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆէզ Ասատի համակարգին մէջ եւ կը համարուի քաղաքական հարցերու խորունկ իմացութիւն եւ վերլուծական կարողութիւն ունեցող անձնաւորութիւն: