image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքը Կը Զօրակցի Արցախին

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքը Կը Զօրակցի Արցախին

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի սահմանագիծին վրայ օրեր առաջ ծայր առած ռազմական սանձազերծուած լայնածաւալ գործողութիւնները, ընդդէմ անզէն եւ խաղաղ Ղարաբաղցի մեր ժողովուրդին, պատճառ դարձաւ անմեղ կեանքերու կորուստին: Հետեւաբար՝

1.Խստօրէն կը դատապարտենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան զինուորական դիրքերուն եւ սահմանամերձ գիւղերուն եւ անզէն գիւղացիներու դէմ պատերազմը, ինչ որ բոլոր չափանիշներով պէտք է կոչել զանգուածային ահաբեկչութիւն:

2. Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքը խորապէս կը ցաւակցի յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան վսեմ առաքելութեան ճամբուն իրենց կեանքերը զոհաբերած նահատակներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւորներուն:

3.Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքը որպէս հայ ժողովուրդի ամբողջական մէկ մասնիկը, սփիւռքի բոլոր կառուցներուն հետ մէկ բռունցք դարձած՝ իր ամբողջական աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Նախագահին եւ իշխանութիւններուն, Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին եւ իշխանութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քաջարի բանակին եւ ժողովուրդին:

4.Միջազգային ընտանիքէն կը պահանջենք գործնական լուծումներ, անյապաղ վերահաստատելու խաղաղութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի սահմաններուն միջեւ:

Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ բարձրեալն Աստուած, որ Ան ամուր, հաստատ եւ ապահով պահէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնն ու Հայաստանի Հանրապետութիւնը, պահէ եւ պաշտպանէ մեր քաջարի զինուորներն ու ժողովուրդը, մխիթարէ բոլոր անոնք որոնք կը սգան իրենց հարազատին կորուստը:

Աղօթարար՝

Վեր. Յարութիւն Սելիմեան Համայնքապետ՝ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի