image

Սուրիոյ Բանակը մօտեցած է Թատմորէն

Սուրիոյ Բանակը   մօտեցած է Թատմորէն

Սուրիոյ   բանակը  մօտեցած է «Թատմոր»     քաղաքի    կեդրոնին: Այս  մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ Ժատիտ» կայանը  նշելով նաեւ,  որ  բանակը  անցնող  ժամերուն իր տիրապետութեան  տակ առած է «Պայարէթ»  շրջանը, որ կը համարուի  «Ալ  Հայալ»   լեռնային հատուածի  «դուռ»ը:

 Ըստ  վերջին տուեալներուն   ներկայ պահու դրութեամբ   Սուրիոյ  բանակը  կը գտնուի   «Թատմոր»  (կամ Փալմիրա)  քաղաքի   կեդրոնէն 7    քլմ. հեռաւորութեան վրայ:

  Նշենք, որ Եունեսոքոյի պատմական    ցուցակին վրայ եղող Փալմիրան    2014 թուականի  ամրան   անցած էր Տահէշ  ահաբեկչական  խմբաւորման    տիրապետութեան տակ: