Սուրիոյ բանակը մօտեցած է «Թատմոր» քաղաքի կեդրոնին: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ալ Ժատիտ» կայանը նշելով նաեւ, որ բանակը անցնող ժամերուն իր տիրապետութեան տակ առած է «Պայարէթ» շրջանը, որ կը համարուի «Ալ Հայալ» լեռնային հատուածի «դուռ»ը:
Ըստ վերջին տուեալներուն ներկայ պահու դրութեամբ Սուրիոյ բանակը կը գտնուի «Թատմոր» (կամ Փալմիրա) քաղաքի կեդրոնէն 7 քլմ. հեռաւորութեան վրայ:
Նշենք, որ Եունեսոքոյի պատմական ցուցակին վրայ եղող Փալմիրան 2014 թուականի ամրան անցած էր Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման տիրապետութեան տակ: